Նոր Տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը ընկերային ծառայութեան կեդրոններ կատարած իր այցելութիւններու շարքին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Համալսարանաւարտներու Միութեան ձեռնարկներուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց:
Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը ընթրիքի հրաւիրեց ՀԵՀՈՄ–ի անդամները Կաթողիկոսարանէն ներս: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀԵՀՈՄ–ի հին եւ նոր հոգեւոր խորհրդատու Հայր Սուրբերը՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան եւ Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց ՀԵՀՈՄ–ի գործունէութիւնը, կոչ ուղղեց համալսարանականներուն մասնակից դառնալու Միութեան աշխատանքներուն եւ Նոր Տարուան առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընթրիքի հրաւիրեց Համալսարանաւարտներու Միութեան անդամները: Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հետզհետէ ծաւալող Համալսարանաւարտներու Միութիւնը, յիշեցնելով որ նաեւ միւս գաղութներուն մէջ ապրող համալսարանաւարտները մասնակից դառնան յիշեալ միութեան, անոր տալով համասփիւռքեան տարողութիւն: Վեհափառ Հայրապետը Նոր Տարուան սեմին իր օրհնութիւնն ու մաղթանքը փոխանցեց բոլոր համալսարանաւարտներուն, ներկայ թէ բացակայ, շեշտելով անոնց գործօն մասնակցութեան կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին: