Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2014-ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու Տարի»: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի 12 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ.–

ա)  Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւնը ցուցաբերել բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ:

բ) Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ տարեցներուն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը անհրաժեշտ է աւելի խորացնել: Այս ուղղութեամբ մեր ընտանիքները, դպրոցներն ու ակումբները վճռական դեր ունին կատարելիք:

գ) Անհրաժեշտ է նիւթապէս սատարել գործող ծերանոցներուն ու ընկերաբժշկական կեդրոններու գործունէութեան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել եւս բարելաւել ու ծաւալել իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը:

դ) Տարեցներու գծով մեր հոգածութիւնը աւելի կազմակերպ դարձնելու ու առաւել ծաւալելու անհրաժեշտութենէն մղուած, անհրաժեշտ է նոր ծրագիրներ մշակել արդիական ու մասնագիտական մօտեցումներով: Մեր ունեւոր ազգայինները պէտք է լրջօրէն մտածեն յիշեալ կարիքներուն մասին ։