«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ»

Ուրբաթ 13 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին, տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում մը, «Հայ Մօր» տարուան առիթով։ Զրոյց-քննարկումի նիւթն էր «Հայ Ընտանիքը դէպի ո՞ւր…»։

 

Մեծամասնութեամբ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական ուսանողներու ու դասախօսներու ներկայութեան կազմակերպուած այս զրոյցին խօսք առին Տիկ. Անի Բագրատունի, Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան, Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան եւ Երէցկին Քրիստին Սարգիսեան: Օրուան զրուցավարն էր՝ Տիար Վարուժան Թէնպէլեան։ 

 

Շուրջ երկու ժամ տեւած այս ձեռնարկին համախմբումի ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Հանտեանի ողջոյնի եւ բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ ուսուցչուհի Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի, որ յետադարձ հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ Հայ մօր եւ Հայ կնոջ դերակատարութեան, իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն` Հայ ընկերութեան մէջ:

 

Ապա խօսք առաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ Հայ կնոջ տիպարին, որուն գործունէութեան առանցքը պէտք է կազմէ իր ընտանիքի հոգատարութիւնը: Պրն. Յովհաննէսեան պարզեց կնոջ ու յատկապէս Հայ կնոջ վիճակուած եւ իրմէ ակնկալուած դերը Հայ ընկերութեան մէջ:

 

Երրորդ խօսողն էր Տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, որ իր հանդիպած պարագաներէն օրինակներ նշելով, անդրադարձաւ Հայ կնոջ եւ առհասարակ Հայ ընտանիքի դիմագրաւած այժմու դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

 

Վերջին զեկուցաբերն էր ընկերային ծառայող Երէցկին Քրիստին Սարգիսեան, որ նոյնպէս մեկնելով իր դիմակալած ընկերային պարագաներու օրինակներէն, անդրադարձաւ Հայ ընտանիքի դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս` համացանցը, բազմազբաղութիւնը, խառն ամուսնութիւնները եւ այլն` ընդամէնը տասը պատճառ ներկայացնելով:

 

Զրոյցի աւարտին ներկաներուն եւ զեկուցաբերներուն միջեւ քննարկում տեղի ունեցաւ զանազան հարցադրումներու ու մտահոգութիւններու շուրջ:

 

Ձեռնարկի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ իր Հայրական պատգամը, խորապէս գնահատելով Հայ համալսարանաւարտներու Համախմբումի այս անդրանիկ ձեռնարկը, եւ առաջարկեց շարունակել նման զրոյցները: «Հայ համալսարանաւարտները, Հայ համալսարանականները ըսելիք եւ ընելիք ունին մեր կեանքին մէջ», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը` նշելով, որ արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները, մարտահրաւէրները լիբանանահայ գաղութէն անդին համահայկական, համազգային են, անոնք առկայ են մեր բոլոր գաղութներուն մէջ, եւ հարկ է իրապաշտօրէն մօտենալ այդ հարցերուն: «Այսօր հայ ընտանիքը մեր գոյութեան առանցքն է», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը` դիտել տալով, որ այսօր մեր եկեղեցական ու ազգային արժէքներոը նահանջի մէջ են, մեր հաստատած արժէչափերը խախտած են: «Համաշխարհայնացումը մեր մէջ է, մենք անցանկապատ ընկերութեան մէջ ենք, հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր արժէքներու կորիզը պահել», եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը: