10 December, 2013

ՀԵՀՈՄի Հիմնադրութեան 50-ամեակի Նշում

Ներկայ տարին 50–ամեակն է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) հիմնադրութեան: Սոյն միութիւնը հիմնուեցաւ 1963–ին Գարեգին Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կողմէ խումբ մը համալսարանականներու մասնակցութեամբ: Տարիներու ընթացքին միութիւնը աճեցաւ ու կազմակերպուեցաւ իր կեդրոնը ունենալով Կաթողիկոսարանէն ներս: Ան միշտ վայելեց Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Անցնող 50 տարիներու ընթացքին իր կազմակերպած զանազան ձեռնարկներու եւ ունեցած յարաբերութիւններու ճամբով ՀԵՀՈՄ–ը դարձաւ աշխոյժ ներկայութիւն ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս: Այսօր բազմաթիւ ՀԵՀՈՄ–ականներ բոլոր գաղութներէն ներս կարեւոր դիրքեր կր  գրաւեն մեր ազգային կեանքի եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս:

ՀԵՀՈՄ–ի հիմնադրութեան 50–ամեակին առիթով պաշտօնական ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Լը Րոյալ պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան. անդրադարձաւ ՀԵՀՈՄ–ի կոչումին ու տարած աշխատանքներուն եւ ըսաւ.– «Որպէս ներկայ ՀԵՀՈՄ–ականներ 50 տարիներէ եկած ՀԵՀՈՄ–ը կը տանինք նոր ամեակներու նոր հորիզոններ բանալով ՀԵՀՈՄ–ի առաքելութեան ու աշխատանքի անդաստանին մէջ: Մենք կը վստահինք մեր համալսարանական երիտասարդութեան ուժին եւ անոր կարողութիւններուն: Սակայն ուժն ու կարողութիւնը բաւարար չեն. ՀԵՀՈՄ–ի նման միութեան մը լայնածաւալ առաքելութիւնը առաջ տանելու համար: Կայ նաեւ տարիներու փորձառութիւնը նախկին ՀԵՀՈՄ–ականներուն. որ ինքնին հանք մըն է. լաւագոյն միջոցներով դիմագրաւելու այսօրուան երիտասարդութեան դժուարութիւնները եւ ՀԵՀՈՄ–ի երդիքին տակ համախմբելու եւ ամրապնդելու զայն»: Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄ–ի մասին պատմական տեսաերիզ մը:

Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ան մեծապէս գնահատեց ՀԵՀՈՄ–ի 50 տարիներու նուիրեալ աշխատանքը: Ապա թելադրեց «ներկայ պայմաններու ու հրամայականներու համապատասխան քայլերու դիմել՝ վերատեսութեան ենթարկելով ՀԵՀՈՄ–ի գործունէութիւնը»: Վեհափառ Հայրապետը ցաւով յիշեցուց. որ «այսօր մեր համալսարանական երիտասարդներու մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեր ազգային կեանքէն. մեր կառոյցներէն»: Ան ըսաւ «ինչո՞ւ այս մտահոգիչ երեւոյթը. ի՞նչ բանը կը մղէ մեր երիտասարդները հեռու մնալու մեր կեանքէն. անհրաժեշտ է խօսիլ մեր երիտասարդներուն հետ ու համախմբել զանոնք մեր կառոյցներուն շուրջ: Բնականաբար. մեր շրջապատին հետ մեր յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կենսական է. սակայն մենք կը պատկանինք այն մեծ ընտանիքին. որ մեր գաղութն է. մեր ժողովուրդն է»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց որ մեր երիտասարդները մասնակից դառնան ՀԵՀՈՄ–ի եւ մեր բոլոր կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան:

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք. ՀԵՀՈՄ–ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան եւ ատենապետ՝ Ռազմիկ Միքայէլեան. երախտագիտութեան որպէս արտայայտութիւն ՀԵՀՈՄ–ի 50–ամեակի՝ յուշանուէր մը յանձնեցի Վեհափառ Հայրապետին:

Վեհափառ Հօր մեկնումէն յետոյ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր.որու ընթացքին Ատիս Հարմանտեան ազգային երգերով խանդավառեց ներկաները: