“ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՆՈՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՄԷՋ Է” ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 27 Յունուար յետմիջօրէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին։

Դասախօսութիւնը կը բաղկանար երկու գլխաւոր բաժիններէ։ Առաջին բաժինին մէջ Վեհափառը իր խօսքը սկսաւ ակնարկելով միջ-եկեղեցական, այլ խօսքով՝ էքիւմենիք շարժումին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող սխալ ըմբռնումներու ու մեկնաբանութիւններու։ Ան ըսաւ.- “միջ-եկեղեցական շարժումը սոսկ յարաբերութիւն չէ եկեղեցիներու միջեւ, ժողովի մասնակցութիւն չէ, եկեղեցին՝ այլ եկեղեցիներու մօտ ներկայացնել չէ։ Էքիւմենիզմը եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ։ Էքիւմենիք շարժումը Ա) եկեղեցիներուն կը յիշեցնէ թէ՝ անոնք իրարու հետ սերտօրէն շաղկապուած են, հակառակ իրենց դաւանական, աստուածաբանական կամ ծիսական բաժանումներուն, որովհետեւ մաս կը կազմեն Քրիստոսի մէկ եւ նոյն մարմնոյն։ Բ) Կը շեշտէ հաստատութենական եկեղեցիէն ներս պատմութեան ընթացքին յառաջացած վէրքերու դարմանման կարեւորութիւնը։ Գ) Կ’ամրապնդէ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու առաքելութեան սերտ յարաբերութիւնը։ Դ) Կը զօրացնէ անքակտելի կապը եկեղեցւոյ տեղական ու տիեզերական ինքնարտայայտութեան”։

Խօսելով էքիւմենիք շարժումի պարզած ներկայ կացութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ զանազան բնութագրումներով կարելի է զայն ներկայացնել։ Համաձայն Վեհափառ Հայրապետին “Բոլոր մօտեցումներուն մէջ էական է թէ՝ էքիւմենիք շարժումը իր չափանիշները, նպատակները ու մօտեցումները փոխելու վճռական հանգրուանին կը գտնուի. այլ խօսքով՝ ան նոր ինքնութեան փնտռտուքի մէջ է։ Այս փնտռտուքը կը յատկանշուի՝ քրիստոսակեդրոն էքիւմենիզմէն դէպի եկեղեցակեդրոն էքիւմենիզմ, տիեզերական էքիւմենիզմէն դէպի տեղական էքիւմենիզմ, հաստատութենական էքիւմենիզմէն դէպի ժողովրդակեդրոն էքիւմենիզմ, բազմաբեւեռ էքիւմենիզմէն դէպի երկաբեւեռ էքիւմենիզմ, ե¤ միջ-եկեղեցական էքիւմենիզմէն դէպի եկեղեցական ընտանիքներու էքիւմենիզմ ընթացքով մը, որ վերջին տասնամեակին արագ կշռոյթով կþընթանայ”։

Էքիւմենիք շարժումին այս նոր ընթացքը բնականաբար նաեւ կþենթադրէ օրակարգի եւ մեթոտի հիմնական փոփոխութիւն”, յայտնեց Վեհափառը։ Այս ծիրէն ներս, ան յիշեց որ Ա) եկեղեցւոյ միութիւնը, որ միշտ եղած է էքիւմենիք շարժումին գլխաւոր նպատակը, սկսած է դառնալ լուսանցքային եւ եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութեանց առնչուած հարցերը սկսած են դառնալ տիրապետող։ Բ) Աւետարանչութիւնը, որ էքիւմենիք շարժումին կարեւոր նպատակներէն մէկն էր, սկսած է տեղի տալ հոգեւոր շարժումներու դիմաց։ Գ) Եկեղեցակեդրոն շարժում ըլլալու կոչուած էքիւմենիք շարժումը սկսած է լայն տեղ տալ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու խնդիրներուն”։
Վեհափառը յիշեցուց, որ նաեւ մեթոտի փոփոխութիւն մը սկսած է տեղի ունենալ էքիւմենիք շարժումէն ներս։ Այսպէս, էքիւմենիզմը սկսած է շեշտը դնել դաւանական ու աստուածաբանական համաձայնութեան եզրեր որոնելէ աւելի՝ փոխադարձ յարգանքի, եւ էքիւմենիք համակեցութիւնը ամրապնդելէ աւելի՝ սոսկ հանդիպումներու վրայ։
Եզրակացնելով իր դասախօսութեան առաջին բաժինը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ որ այսօր էքիւմենիք շարժումը մեզի կը ներկայանայ նոր դիմագիծով, նոր չափանիշներով ու նպատակներով։ Բնականաբար, ներկայ կացութեան յառաջացման դրդապատճառները բազմաթիւ են՝ համաշխարհայնացումը, եկեղեցիներու մտածողութեան մէջ տեղի ունեցած հիմնական փոփոխութիւնները, միջ-կրօնական գործակցութեան ստացած առաջնահերթ կարեւորութիւնը, միջազգային տնտեսական տագնապը, եւլն.”։

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը հպանցիկ պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմենիք շարժումի գլխաւոր հանգուաններուն։ Ան յիշեց, որ “Միջին Արեւելքը ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, եկեղեցւոյ բաժանման եւ էքիւմենիք շարժումին։ Արդարեւ, 451- Քաղկեդոնի ժողովէն ետքը երբ քրիստոնէութեան առաջին բաժանումը տեղի ունեցաւ, եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատումը դարձաւ կարեւոր խնդիր բոլոր եկեղեցիներուն համար։ 12-րդ դարէն սկսեալ կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ 18-րդ դարէն սկսեալ բողոքական եկեղեցիներու յառաջացումը Միջին Արեւելքէն ներս նոր դիմագիծ եւ ուղղութիւն տուաւ էքիւմենիք շարժումին։ Եկեղեցւոյ աւելի խորացող բաժանումներուն դիմաց միութենական ճիգերը սկսան դառնալ հրամայական”։

Խօսելով նոր ժամանակներու մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. “պատմութիւնը կը պարզէ թէ Բողոքական Եկեղեցիներ դարձան Միջին Արեւելքէն ներս հաստատութենական էքմիւմենիզմի ռահվիրաները, հիմնելով Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը։ Երկար բանակցութիւններէ յետոյ, 1974-ին, յիշեալ Խորհուրդին միացան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներ (հայ, ասորի, ղպտի) եւ Ուղղափառ եկեղեցիներ (Անտիոքի, Երուսաղէմի, Աղեքսանդրոյ Պատրիարքութիւնները եւ Կիպրոսի Եկեղեցին)։ Խորհուրդը կոչուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդ (ՄԱԵԽ)։ Իսկ 1990-ին, շրջանի բոլոր Կաթոլիկ Եկեղեցիները միացան յիշեալ Խորհուրդին։ ՄԱԵԽ-ը միակ շրջանային Խորհուրդն է աշխարհի քրիստոնէական քարտէսին վրայ, որուն մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները։ Այս յատկանշական երեւոյթ մըն է որ դժբախտաբար ճիշդ կերպով չէ օգտագործուած շրջանի եկեղեցիներուն կողմէ միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ”։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ ՄԱԵԽ-ին իրագործումներուն։ Ան հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփեց զանոնք.- “Խորհուրդը եկեղեցիները մղեց գործակցութեան, շեշտեց քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս, ամրապնդեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը, ջատագովը դարձաւ մարդկային իրաւանց, ինչպէս նաեւ կամուրջ՝ արեւելեան ու արեւմտեան եկեղեցիներուն միջեւ”։

Իր խօսքի վերջին բաժնին Վեհափառ Հայրապետը հարցադրում մը կատարեց ըսելով՝ ի՞նչ պէտք է ըլլան Միջին Արեւելքէն ներս էքիւմենիք շարժումի առաջնահերթութիւնները ներկայ պայմաններու լոյսին տակ։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ ընդգծումները կատարեց.- “1) Էքիւմենիք շարժումը պէտք է դառնայ համահունչ ներկայ իրականութիւններուն ու մտահոգութիւններուն։ 2) ՄԱԵԽ-ը կենդանի ու մնայուն ներկայութիւն պէտք է դառնայ եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան մէջ։ 3) ՄԱԵԽ-ը պէտք է յստակ նախապատուութիւն տայ յարաբերութեան քան թէ հանդիպումներու ու համագումարներու կազմակերպման։ 4) Եկեղեցւոյ միութիւնը պէտք է դառնայ մնայուն հիմնախնդիր։ Զատկուայ թուականին նոյնացումը եւ նման գործնական քայլեր կրնան մեծապէս նպաստել եկեղեցւոյ միութեան ամրապնդման։ 5) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նոր մօտեցումով յատուկ կարեւոր տեղ պէտք է գրաւէ թէ՛ եկեղեցիներու եւ թէ էքիւմենիք շարժումի օրակարգին վրայ։ 6) Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը ընդհանրական ու հրատապ հարցերու գծով պէտք է նոր շեշտաւորում ստանայ”։

Եզրակացնելով իր դասախօսութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ “էքիւմենիք շարժումը պէտք է շաղախուի եկեղեցիներու մտածողութեան, առաքելութեան ու կեանքին հետ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր եկեղեցիները կարիքը ունին միասին ըլլալու ու միասնաբար աղօթելու, մտածելու ու գործելու ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց։ Ա՛յս է որ կը յիշեցնէ էքիւմենիք շարժումը ու կը մղէ եկեղեցիները այս յանձնառութեամբ իրենց առաքելութիւնը կատարելու”։
Դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն։
Դասախօսութեան բացումը եւ փակումը կատարեց համալսարանի նախագահ՝ Տօքթ. Ճ. Սապրա ։Ան Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց որպէս “եզակի դէմք միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ իր հարուստ փորձառութեամբ, հրատարակութիւններով եւ շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ միջ-եկեղեցական շարժումին բերած իր գործօն մասնակցութեամբ”։

Ապա համալսարանին անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին: