Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Մուխայպարը և Հապիպ Աֆրամը

Ուրբաթ 10 Յունուար 2014-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Ղասան Մուխայպարը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նոր կառավարութեան կազմութեան, լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան և ընդհանուր կացութեան առընչուած հարցեր։ Խօսակցութեան նաեւ նիւթ դարձաւ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք Ժընեւ 2 համագումարը և այդ գծով Քրիստոնեայ համայնքներուն տեսակէտը:

Վեհափառ Հայրապետը ապա ընդունեց այցելութիւնը Ասորի ուղղափառ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամին։ Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները և երկու Եպիսկոպոսներուն առեւանգումը, քննարկումի նիւթ դարձան յիշեալ հանդիպման ընթացքին:

Վերոյիշեալ երկու հանդիպումներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ընդհանրապէս շրջաններէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու գծով քրիստոնեայ համայնքներուն տեսակէտները ներդաշնակելու, քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը ամրապնդելու, իսկ Լիբանանէն ներս նոր կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը: