ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ–ԻՍԼԱՄ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի  9 Յունուար 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով.–

 

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ–ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ–իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Էմիր Հարէս Շէհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դոկտ. Ժան Սալմանեան: Էմիր Շէհապ Մարոնիթ Պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ խորհրդակցելու համար քրիստոնեայ–իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու ծրագրին շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նման հանդիպման մը կայացումը, շեշտելով որ հեռու պէտք է պահել զայն քաղաքական հարցերէ ինչպէս նաեւ միջ–իսլամական հակասութիւններէ, ընգծելով Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ շրջանէն ներս տեղի ունեցող տագնապներուն յարաբերաբար: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ Ժընեւ 2 ժողովին հետ առնչուած հարցեր:

 

ՍԻՒՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շիի եւ սիւննի համախմբումին մաս կազմող վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Անոնք եկած էին՝ առաջին, Վեհափառ Հայրապետին պարզելու ընդհանրապէս շրջանէն ներս տիրող կացութիւնը ու մասնաւորաբար շիի–Սիւննի հակասութիւններու ժխտական անդրադարձը: Երկրորդ, Վեհափառին հետ խորհրդակցելու կարգ մը նախաձեռնութիւններու մասին, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ միջին արեւելեան մակարդակներու վրայ, հակադիր կողմերու տեսակէտները մօտեցնելու եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար, եւ երրորդ՝ քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը զօրացնելու շրջանէն ներս:

 

Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները պարզեց: Ան շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, եւ այս ուղղութեամբ իսլամ կրօնական ու քաղաքական կառոյցներու զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ շեշտեց երկխօսութեան կենսական կարեւորութիւնը, ըսելով որ հարցերը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն՝ երկխօսութեան ճամբով:

 

ՆԱԽԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄՍՊԱՀ ԱՀՏԱՊ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Այցելուներու կարգին էր նաեւ նախկին երեսփոխան եւ Թրիփոլիի սիւննի ղեկավարներէն Մսպահ Ահտապը: Ան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց հիւսիսային Լիբանանէն ներս տիրող քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը: Իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան ունեցած ժխտական հետեւանքներուն Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ, ու ապա շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան ու նախագահական ընտրութեան հրամայականը:

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ճշդուած ժամանակին կատարելու ու սահմանադրական սկզբունքները յարգելու յոյժ կարեւորութիւնը: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ ինչպէս Ս. Ծննդեան իր քարոզին մէջ շեշտած էր, Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնները արտաքին ուժերուն հետ պէտք չէ վերածուին ենթակայութեան: Լիբանանը իր ինքնորոշման անկախութիւնը պէտք է պահէ ու Լիբանանի գերագոյն շահերը գերիվեր նկատէ համայնքային կամ շրջանային շահերէ ու հաշիւներէ: