Երկուշաբթի 3 Փետրուար 2014-ի առաւoտ, Ն.Ս.0.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: