16 Դեկտեմբերի, 2013

«ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻԻՆ ՀԵՏԵՔԵՐՈՎ»

2013 Դեկտեմբեր ամսուն սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սոնա Զէյթլեանին «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» հատորը։ Զէյթլեանի բառերով «”Հայ կնոջ ուղիին հետքերով” աշխատասիրութիւնը անձնական ուղեւորութիւն մըն է Հայ կնոջ պատմութեան բազմակողմանի հանգրուաններուն՝ հեթանոսական շրջանէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը»։

 

Արդարեւ 326 էջերէ բաղկացած հատորը իր մէջ կը պարունակէ տասնէ աւելի գլուխներ, որոնց մէջ հեղինակը պատմական հանգրուանումով անդրադարձած է Հայ կնոջ ունեցած դերակատարութեան մասին Հայոց Պատմութեան բոլոր ժամանականերու ընթացքին, այսպէս՝ հեթանոսական շրջանին, քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան, Օսմանեան դարաւոր տիրապետութեան ժամանակ, 20-րդ դարու դարագլուխին (Ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, աքսոր), Հայաստանի Ա. հանրապետութեան շրջանին, ազգային վերականգնումի ընթացքին, Խորհրդային Միութեան շրջանին, Հայաստանի Բ. հանրապետութեան շրջանին։ Ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հայոց թագուհիներուն, Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի հայուհիներու մասին։ Վերջին երկու գլուխներով Տիկին Զէյթլեան անդրադարձած է «Սփիւռքի մարտահրաւէրը եւ կանանց երկրորդ շարժումի մը համակարգը» եւ «ներկայի մարտահրաւէրներ կանանց երկրորդ շարժումի մը համակարգը» նիւթերուն շուրջ։ Հատորին վերջաւորութեան զետեղուած են քարտէսներ ու նկարներ։

 

Սոյն հատորը հրատարակութիւնն է «Գէորգ Մելիտինեցի Մրցանակին», թիւ 79։

More News