՛՛ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ինչպէս օրին տեղեակ պահած էինք, ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անոր փոխանցած էր հայ ժողովուրդին ընդվզումը՝ թուրք Բերենչէքի հարցին վերաբերեալ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի առած որոշման գծով:

Երէկ Վեհափառ Հայրապետը նոյն հարցին մասին նամակ մը յղեց Զուիցերիոյ արդարութեան նախարարուհի Ս. Սոմարուկային: Ստորեւ կու տանք Վեհափառ Հայրապետին գրած Ֆրանսերէն նամակին թարգմանութիւնը.– 

 

Նորին Վսեմութիւն

Ս. Սոմարուկա

Արդարութեան նախարար

Պեռն, Զուիցերիա

 

Այսու գրով Ձեզի կը փոխանցենք հայկական Սփիւռքի խոր ընդվզումը, Բերենչէքի հարցով Զուիցերիան դատապարտող Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի վճիռին գծով: Արդարեւ, սոյն վճիռը ընկալուեցաւ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողականութիւնը վաւերականացնող որոշում՝ որ փաստօրէն շարունակութիւնն է նո՛յն ընթացքին:

Ցեղասպանութեան հերքումը ինքնին այլ  կերպ մըն է հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղապաշտութիւն եւ ատելութիւն արտայայտուող: Հետեւաբար, յիշեալ վճիռը կու գայ զօրակցելու բոլոր անոնց որոնք, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, նենգ քարոզչութիւն կը կատարեն, բոլորովին անյարիր ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումին հետ:

Բերենչէքի կատարած յայտարարութիւնները խօսքի ազատութեան հետ առնչելու մօտեցումը, իբրեւ թէ պատմական կամ իրաւական տեսակէտ արտայայտող, հայ ժողովուրդին կողմէ ընկալուեցաւ մեծ զարմանքով:

Փաստօրէն՝ ՛՛գիտական պրպտողի՝՝ քողին տակ՝ Բերենչէք ծայրայեղական մըն է, որ ցեղասպանութեան ոճիրի պաշտպանողականը կը կատարէ: Հետեւաբար, ցեղասպանութիւնը հերքելու անոր ազատութիւնը պաշտպանելով՝ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը կ՛արգիլէ Զուիցերիոյ, որ խօսքի ազատութեան տայ այնպիտի մեկնաբանութիւն որ չի խանգարեր ու վտանգեր հանրային ապահովութիւնը: Բնականաբար, նմանօրինակ վճիռ մը սկզբունքային լուրջ հարց կ՛արծածրէ Զուիցերիոյ համար: Արդ, կ՛արժէ յիշեալ հարցը բարձրացնել Բարձրագոյն Ատեանին առջեւ: Նման քայլ մը առիթ պիտի ընծայէ աւելի լայն կերպով քննարկելու ա՛յն միջոցները, որոնց ճամբով Եւրոպական Խորհուրդի անդամ երկիրները կրնան ազդու կերպով պայքարիլ ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

Արդարեւ, սոյն վճիռի առթած այլազան կարծիքները, ինչպէս նաեւ տարբեր ուղղութեամբ առաջնորդուող եւրոպական իրաւաբանութեան (jurisprudence européenne ) մը առկայութիւնը առիթ կ՛ընծայեն որ հարցը կրկին քննարկուի Բարձրագոյն Ատեանի հեղինակաւոր միջամտութեամբ:

 

Օրհնութեամբ՝

 

                                                                                                     ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                                                                     ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ