՛՛ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ 7 Փետրուար 2014-ի առաւօտ, Վեհարանի իր գրասնեակին մէջ ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհի Րութ Ֆլինթը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ ՛՛ հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումը՝ թուրք Տողու Բերենչէքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն վրայ՝՝, շեշտեց Վեհափառը միաժամանակ յայտնելով, որ ՛՛Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումը ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ՝ բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը զօրակցի Զուիցերիոյ պետական իշխանութեան, որ դիմէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի գերագոյն ատեանին, շրջելու առնուած որոշումը՝՝:

 

     Բաժնելով հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը, Զուիցերիոյ դեսպանուհին յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ինք քաջատեղեակ է յիշեալ հարցին, եւ թէ Զուիցերիոյ բոլոր դեսպանատուները արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ բողոքներ ստանալ:

 

     Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կապ հաստատեց Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահին հետ, որպէսզի անոնք եւս իրենց բողոքը յայտնեն Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումին, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ զուիցերիական իշխանութիւններուն մերժել ու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի գերագոյն ատեանին: