Աստուածաբանութեան Ուսանողներ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2013, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Համալսարանի ուսանողներ, իրենց դասասխօսին՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրայի գլխաւորութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանք ժամանեցին եւ ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի «Հայ Եկեղեցին» դասախօսութեան։

Ուսանողները եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն։

Նարեկ Սրբազան ուսանողական խումբին ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուաններն ու դէմքերը, Հայ եկեղեցաբանութեան ու աստուածաբանութեան մասնայատկութիւնները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայ իրավիճակն ու բազմածաւալ առաքելութիւնը։

Դասախօսութենէն ետք, ուսանողներ «Կիլիկիա» թանգարան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար այցելեցին։