Հինգշաբթի 16 Յունուար 2014-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին, Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին Նախագահ Դոկտ. Կօթֆրիտ Լոշըր, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդի միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուին եւ Արմենոֆասի փոխ–նախագահին: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Արմենֆասի նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան:
Հանդիպման նպատակն էր քննել Սուրիոյ կացութիւնը՝ Ժընեւ 2 ժողովի լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին հետ ծրագրել Զուիցերիոյ մէջ հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումը: 100–րդ տարելիցի առիթով Արմենոֆասը արդէն իսկ սկսած է մշակել շարք մը ծրագիրներ: Յայտնենք, որ Արմենոֆասը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու միասնական ճիգով կազմուած բարեսիրական միութիւն մըն է, որ կը շարունակէ ցեղասպանութենէն յետոյ զուիցերիական եկեղեցիներու կատարած օգտնութիւնը հայ ժողովուրդին՝ բնականաբար տարբեր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններով: