10 Դեկտեմբերի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի» Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի 9 Դեկտեմբեր 2013-ին առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրաեսենեակին մէջ ընդունեց ացելութիւնը  «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար» Կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամները զեկուցեցին Վեհափառ Հայրապետին Թուրքիոյ մէջ մտաւորական ու պետական շրջանակներէ ներս ազգային պահանջատիրութեան գծով իրենց տարած աշխատանքներուն մասին:

     Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ պատուիրակութեան կողմէ տրուած տեղեկութիւնները գնահատեց Հայ Ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման գծով տարուող բոլոր աշխատանքները՝ միաժամանակ կարեւորութեամբ շեշտելով այս ծիրէն ներս մեր ժողովուրդի ուժերը համախմբելու ու ծրագրուած կերպով մեր ազգային պահանջատիրութիւնը հետապնդելու հրամայականը։

 

More News