ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կրօնական ժողովի լիակատար նիստին յաջորդեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։

Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին.- Ազգ. Կեդր. Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագրի վերանայում, 2013-ի իրագործուած եւ 2014-ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ ու աշխատանքներ, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի գործունէութիւնը, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի գործունէութիւն, եւ այլ հարցեր։ Յիշեալ հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ։

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերէն յետոյ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Խառն Ժողովը օրակարգ ունենալով հետեւեալ հարցերը.- Սուրիոյ հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւն եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վերականգնումին գծով կատարուած աշխատանքները, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը՝ Եպիսկոպոսաց Ժողովի լոյսին տակ, թեմերու կանոնագրութեանց բարեփոխութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող այլ խնդիրներ ու ծրագիրներ։

 

Յիշեալ նիւթերը լուրջ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրուած լայն տեղեկութիւններու ու կատարուած արժեւորումներու լոյսին տակ։ Բնականաբար, յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն։

 

՛՛Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ գործին, ո՛չ խօսքին։ Մեր գործը՝ ժողովուրդին գացող ծառայութիւն է։ Ահա թէ ինչու մեր Սուրբ Աթոռը միշտ հեռու կը մնայ քարոզչական մօտեցումներէ եւ իր ծառայութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելու միտումներէ։ Հսկայ աշխատանք կը տարուի այս Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ հոգեւոր, կրթական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, մշակութային եւ այլ մարզերէն ներս։ Մեզի պակսողը նուիրումը, հաւատքը, տեսիլքը չէ, այլ՝ տնտեսական բաւարար կարելիութիւնները։ Սակայն, վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները հաւատալով այս Սուրբ Աթոռի յոյժ կարեւոր առաքելութեան, պիտի շարունակեն ամէն իմաստով նեցուկ կանգնիլ մեզի” եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի աւարտին: