ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Օրհնութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Յունուար 27–29 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբի հանդիպումը: Ժողովի նախօրեակին յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը՝ յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն համար: Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ հոգւոց…