«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Երեքշաբթի 24 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հերթաբար այցելեց Պուրճ Համմուտի Հաուըրտ Քարակէօզեան Մանկախնամ Կեդրոն, ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոն եւ Ազգային Ծերանոցը: Վեհափառ Հայրապետին կþընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու խումբ մը միաբաններ։ Պուրճ Համմուտի մէջ Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան միացան Պետական Նախարար՝ Փանոս Մանճեան, Ճարտարարուետսի Նախարար՝ Վրէժ Սապունճեան, Երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համմուտի Քաղաքապետ՝ Անրդանիկ Մսըրլեան։

 

ՀԱՈՒԸՐՏ ՔԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՄԱՆԿԱԽՆԱՄ ԿԵԴՐՈՆ

Քարակէօզեան Կեդրոնի տուած իր այցելութեան, Հաստատութեան Տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հիմնարկի Ընդհանուր Տնօրէնի (ԱՄՆ) բարեմաղթութիւնները Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով։ Իր Հայրական խօսքին ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Քարակէօզեանի կատարած ծառայութեան մասին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, գնահատեց Տնօրէնութիւնը, Խնամակալութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են իրենց ծառայական լուման նետելու մեր ազգի գանձանակին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով հաւաքական ծառայութեան մասին, ըսաւ. «Առօրեային մէջ մեր ձեռք բերած իրագործումները հաւաքական ծառայութեամբ կը կատարուին։ Իւրաքանչիւր անհատ իր տալիքը ունի, իր տալու կերպն ու ոճը ունի։ Սակայն էականը ո՛գին է։ Ժողովուրդին հետ ըլլալ, ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ա՛յս է ծառայութեան ու մանաւանդ հաւաքական ծառայութեան նպատակը։ Եկեղեցին ամբողջութեամբ այն անձին ու հաստատութեան կողքին է, որոնք իրենք զիրենք ծառայութեամբ կ՛իրագործեն։ Մենք խօսողներու, կարծիք տուողներու պէտք չունինք, մենք ծառայողներու պէ՛տք ունինք»։ Աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները մաղթելով անոնց ոյժ, կորով եւ համբերատարութիւն իրենց կատարած Աստուածահաճոյ գործին մէջ։ ԼՕԽ-Ի

 

ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ մաղթեցին Կեդրոնի Տնօրէնուհ՝ Վէրժին Սարաֆեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Մարալ Յովհաննէսեան։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր անձնական վկայութիւնը տուաւ ընկերաբժշկական կեդրոնի մասին, որ իր առաջնորդութեան տարիներուն հիմնուած էր եւ Ինք եւս իր ներդրումը ունեցած էր այս կեդրոնի ստեղծման, ինչպէս նաեւ բարձրօրէն գնահատեց Կեդրոնի Բարերար՝ Մելքոն Պուլղուրճեանը, որ անձնապէս ներկայ էր։ Խօսելով ԼՕԽ-ի ունեցած դերակատարութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «ԼՕԽ-ը լիբանանահայութեան ու մանաւանդ Պուրճ Համմուտի համար եղաւ մարդասիրական այն օճախը, ուրկէ լոյս ու ջերմութիւն տարածուեցաւ բոլորին՝ անխտիր, առանց դաւանանքի ու համայնքի խտրութեան։ Լիբանանի ամէնէն տագնապալի օրերուն ու մինչեւ մեր օրերը ԼՕԽ-ը եղաւ ու մնաց մեր ժողոուրդի զաւակներուն կողքին, կատարելով մարդասիրական անշահախնդիր ծառայութիւն»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր աջակցութիւնը, զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը փոխանցեց ԼՕԽ-ին, ու մաղթեց որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ բազմանան, ի խնդիր մեր ժողովուրդի զաւակներու ծառայութեան։ Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը, նորանոր իրագործումներ մաղթելով։

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Նորին Սրբութեան վերջին հանգրուանը եղաւ Ազգային Ծերանոցը։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը իրենց շարականներով ու երգերով հոգեւոր ու ազգային ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեցին Ծերանոցէն ներս: Ծերերը եւս իրենց երգերով ու արտասանութիւններով իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան համար։ Խօսք առնելով Ծերանոցի Տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, իր շնորհակալութինը յայտնելով որ Ազգային Ծերանոցը միշտ մօտ է եղած Նորին Սրբութեան սիրտին: Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան ու տիկնաց միութեան կատարած մարդասիրական, ընկերային ու ազգային ծառայութիւնը։ Ծերերուն ուղղելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը բացատրեց թէ վերջին տարիներուն իւրաքանչիւր տարի մեր Հայ իրականութեան վերաբերող արժէքի մը կը նուիրէ, եւ «2014 տարին որոշած եմ հռչակել “Հայ Տարեցներու Տարի”, եւ առաջին անգամ այստեղ է որ կը յայտարարեմ։ Մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է սէր, կապուածութիւն, յարգանք ու հաւատարմութիւն ցուցաբերեն մեր տարեցներուն նկատմամբ։ Մենք պէտք է սիրենք ու պաշտպանենք մեր տարեցները»: Ազգային Ծերանոցին անդրադառնալով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ասիկա հաստատութիւն չէ՛։ Ասիկա տո՛ւն է։ Ձեր տունն է, մեր տունն է, ազգին տունն է։ Այս տան միջոցաւ Աստուածահաճոյ գործ կը կատարուի։ Այս տունը մեզի համար սիրելի է, որովհետեւ մեր տարէցներուն խնամք, գուրգուրանք, պաշտպանութիւն ու ծառայութիւն կը մատուցէ»։

 

Յայտնենք նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետը երեք հաստատութիւններուն տուած այցելութիւններու ընթացքին, իր հայրական խօսքերուն մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ մեր բարերարներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին, կատարուած ընկերային ու մարդասիրական ծառայութիւնները ալ աւելի հասու դարձնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի ունեւոր զաւակներուն, որ Աստուծմէ իրենց պարգեւուած բարիքէն բաժին հանեն նաեւ կարօտեալներուն ու կարիքաւորներուն։

 

Յայտնենք նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն Վեհափառ Հայրապետը պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները ընկերային ծառայութիւն մատուցող այլ հաստատութիւններու։