Կիրակի 7 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, յընթացս Սուրբ և Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի երկրաշարժի նահատակներու հոգիներուն համար:
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին 25 տարիներ առաջ աւելի քան քսանհինգ հազար հոգիներ զոհ գացին երկրաշարժին։
Վեհափառ Հայրապետին հրահանգով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ տեղի ունեցան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Հոգեւոր հայրեր եւ հաւատացեալներ աղօթեցին երկրաշարժի զոհերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հզորացման ու ծաղկման համար։