Ժընեւ ժամանման առաջին իսկ օրը, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Թուէյթի, Միջին Արեւելքի պատասխանատուին հետ միասին: Անոնք ունեցան երկար հանդիպում մը, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Ժընեւ 2 ժողովի գծով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագրած համագումարը, որու պատրաստութեան ընթացքին մէջ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ:
Այս առիթով, անոնք նաեւ անդրադարձան ընդհանրապէս ԵՀԽ–ի գործունէութեան կարգ մը մարզերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած միջ–եկեղեցական լայն փորձառութեան լոյսին տակ կարգ մը մատնանշումներ ու թելադրութիւններ կատարեց:
Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Պոսէի մէջ եկեղեցական կրթական հաստատութեան տնօրէնը, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրտսեր միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեանի: Յայտնենք որ Զարեհ Աբեղայ կ՛ուսանի նոյն հաստատութենէն ներս: