Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբեր 2013 առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Հիմնարկութեան տնօրէն՝ Տիար Սերոբ Օհանեանը: Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը:
Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ եւ Գարակէօզեան Հիմարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալ անոնց: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք տրուած զեկոյցը, իր գնահատանքը յայտնեց Գարակէօզեան Հիմնարկութեան ու նաեւ այն բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու սուրիահայ մեր զաւակներուն: «Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օժանդակութիւնը պէտք է մեր ազգին համար դառնայ առաջնահերթութիւն՝ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին հսկայ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը. հետեւաբար, վերանորոգ թափով պէտք է շարունակել մեր օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: