21 November, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչին ատենապետութեամբ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողով Ժընեւի մէջ

Երեքշաբթի 19 Նոյեմբերէն  Հինգշաբթի  21 Նոյեմբեր 2013, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ատենապետեց Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովին։  

 

Ժողովին մասնակցեցան Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Անկլիգան, Մկրտչական, Բողոքական, Բարեկարգեալ, Լուտերական, Հոգեգալստական եւ Աւետարանչական Եկեղեցական Ընտանիքներու երեսուն քարտուղարներ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ու այլ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու տասը ներկայացուցիչներ։

 

Իւրաքանչիւր քարտուղար իր Եկեղեցական Ընտանիքին գործունէութեան մասին զեկուցեց։ Այս ծիրէն ներս, Նարեկ Սրբազան խօսեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքին, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակութեան մէջ եկեղեցիներու մասնակցութեան մասին։

 

Ապա, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ այլ Եկեղեցական Ընտանիքներու համաժողովներուն, միջ-եկեղեցական շարժումի ապագային եւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու մասին քննարկումներ կատարուեցան։ Այս բնագաւառին մէջ, Նարեկ Սրբազան «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Համախմբումի Գործակցութեան Հրամայականը» թեմայով դասախօսութիւն մը տուաւ։

 

Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 2-6 Նոյեմբեր 2014, Հոլանտայի մէջ։