28 Յունուար-1 Փետրուար 2014-ին, Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը։
Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ Կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ ժողովին համա-ատենապետութիւնը վարեց։
28 Յունուարին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր։
29 Յունուարէն 1 Փետրուար, յանձնաժողովը քննարկեց «Ծէսը, սուրբ պատարագը եւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան առաջին հինգ դարերուն՝ որպէս եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան ու հաղորդակցութեան ազդակ» նիւթը։
29 Յունուարին, Նորին Սրբութիւն Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. Կաթողիկոս պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները։ Ընթրիքի ընթացքին, Նարեկ Սրբազան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերուն ողջոյնները փոխանցեց Նորին Սրբութեան եւ Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։
30 Յունուարին, Կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ Սրբազան առանձին հանդիպում ունեցան։ Սրբազանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Ն.Ս.Տ.Տ. Ֆրանսիս Պապին. առաւել, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 15-17 Յունուարին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած «Ժընեւ 2» ժողովի նախօրեակին կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բանալի դերակատարութեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը 2015-ին։
Նոյն օրը, Կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ Սրբազան քաղաքավարական այցելութիւն տուին Հնդկաստանի Ասորի Ուղղափառ Ամենապատիւ Տ. Պասիլիոս Թոմա Ա. Կաթողիկոսին։
Նարեկ Սրբազան Հնդկաստանի երկու Արեւելեան Ուղղափառ Հոգեւոր Պետերուն` Նորին Սրբութիւն Տ. Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. Կաթողիկոսին եւ Ամենապատիւ Տ. Պասիլիոս Թոմա Ա. Կաթողիկոսին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։
31 Յունուարին, ժողովականներ Ս. Յովհաննէս եկեղեցի եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ձեռագրատունը այցելեցին. իսկ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Ուղղափառ համացանցային լրատուական գործակալութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-31 Յունուար 2015-ին, Վատիկանի մէջ։