News

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

04 January 2014

ՁԵԶԻ ՓՐԿԻ՛Չ ԾՆԱՒ”

 

Լոյսին մէջ ու լոյսին համար ստեղծուած աշխարհը խաւարի մէջ էր ընկղմած:

Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեղքի տիղմին մէջ էր խրած:

Արարիչին գործակիցը դառնալու երկնային շնորհքին արժանացած մարդը դարձած էր գերին փառքին, հաճոյքին, իր անձին:

Այլ խօսքով, քանդուած էր աստուածաստեղծ Մարդը մարդուն մէջ: Մարդուն անկումով ապականած էր նաեւ մարդուն խնամքին յանձնուած տիեզերքը: Աստուածային ծրագրի իրագործման նպաստելու կոչուած մարդկային պատմութիւնը կորսնցուցած էր իր ուղղութիւնն ու նպատակը:

Ի զուր Սաղմոսերգուն յիշեցուց Աստուծոյ դառնալու հրամայականը: Ի զուր Մարգարէներ շեշտեցին Աստուծոյ ապաւինելու և Անոր ներկայութիւնը ապրելու անհրաժեշտութիւնը: Անառակ դարձած մարդը շարունակեց թափառիլ անառակ կեանքի մոլոր ճամբաներուն վրայ:

Ու ահա յանկարծ Բեթղեհէմի ետկինքին վերեւ Աստուծոյ հրեշտակը իրենց հօտերուն պահակութիւն ընող հովիւներուն երեւնալով կ՛ըսէր՝ ,Մի՛ վախնաք այսօր ձեզի Փրկիչ ծնաւ *Ղուկ. 2,11(:

Ժամանակի ընթերքներէն ժայթքող երկնային ձայն մը. որ միշտ մնաց հնչեղ ժամանակի փոշիին ու ժանգին դիմաց:

Երկինքէն երկիր բացուած լոյսի ճառագայթ մը. որ արշալոյսը եղաւ նո’ր աշխարհին, նո՛ր մարդկութեան ու նո՛ր պատմութեան:

Աշխարհը իր թմբիրէն արթնցնող, մարդկային կեանքը յեղաշրջող ու անոր առջեւ նոր հորիզոններ բացող երկնառաք պատգամ մը:

Մի՛ վախնաք, այսօր ձեզի Փրկիչ ծնաւ

“Փրկի՛չ” ծնաւ: Սովորական մարդ չէր Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնողը, ո՛չ ալ սոսկ մարգարէ մը, այլ Աստուծոյ Միածին Որդին:  Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցող դէպքը, Աստուծոյ երկիր էջքով, ինքնանպատակ չէր: Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանար մարդը վերամարդացնելու համար, մարդը ազատագրելու մեղքի տիրապետութենէն ու առաջնորդելու դէպի փրկութիւն: Յիսուս դարերով սպասուած Մեսիան էր:

“Ձեզի” Փրկիչ ծնաւ: Հրեշտակը հովիւներուն ճամբով մարդկութեան կը յիշեցնէր թէ Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդին կը մարդանար մարդո4ւն համար:

Ան աշխարհ կուգար որպէս Փրկիչը աշխարհին: Հրեշտակին պատգամին մէջ, նո՛յնիսկ իր մեղաւոր վիճակին մէջ Աստուծոյ յաւիտենական սիրոյն արժանացած մարդուն նկատմամբ Երկնաւոր Հօր անհուն սէրը կայ:

 “Մի4 վախնաք”: Աստուծոյ հրեշտակը կը վստահեցնէր հովիւները թէ՝ Փրկիչին ներկայութեան ամէն վախ կը փարատի: Արդարեւ, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, ամէն անգամ երբ Քրիստոս մարդը վտանգի, ցաւի. յուսահատութեան, տառապանքի ու մահուան դիմաց տեսաւ, ըսաւ.- մի՛ վախնար, ե՛ս եմ, ես եկած եմ քեզի վերստին ծնունդ շնորհելու, նոր կեանք պարգեւելու. արդ, մի՛ վախնար, այլ հաւատա՛:

“Այսօ՛ր” ձեզի Փրկիչ ծնաւ: Կարելի չէ Աստուծոյ յայտնութիւնը սահմանափակել ժամանակի ու միջոցի մէջ: Ան որպէս դէպք պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ, սակայն որպէս խորհուրդ ու պատգամ կ՛անդրանցնի ժամանակի ու պատմութեան սահմանները: Աստուծոյ փրկագործական խորհուրդը, Քրիստոսի մարդեղութեամբ սկսած, առաքելութեամբ շարունակուած և յարութեամբ պսակուած, անցեալ չէ. այլ՝ եկեղեցւոյ ճամբով շարունակուող դէպք: Աստուածային յայտնութեան մէջ երէկը, այսօրը ու վաղը մէկ ու անանջատելի ամբողջութիւն կը կազմեն:

Հետեւաբար, այսօ՛ր եւս Քրիստոս կը ծնի, եթէ մենք պատրաստ ենք ընդունելու զինք որպէս մեր Փրկիչը: Այսօ՛ր եւս հրեշտակը երկնային աւետիսը կուտայ մեզի, եթէ մենք պատրաստ ենք լսելու զայն:

Հովիւները լսեցին հրեշտակին աստուածատուր պատգամը և հաւատքէ մղուած ուղղուեցան դէպի Բեթղեհէմ:

Սիրելի՛ հայորդի,

Բեթղեհէմ ուղղուած ու Յիսուս Մանուկին առջեւ առաջին անգամ խոնարհած ժողովուրդին հարազատ զաւակն ես դուն:

Բեթղեհէմը իր խորհուրդով ու պատգամով իր կեանքին հետ շաղախած ժողովուրդին հաւատարիմ զաւակն ես դուն:

Բեթղեհէմի հաւատքով զօրացած պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց կանգուն մնացած ժողովուրդին արի զաւակն ես դուն:

Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդին իր գոյութեան ապաւէնը, իր ճամբուն լոյսը, իր կեանքին յոյսը և միակ Փրկիչը դարձուցած հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակն ես դուն:

Ի~նչ մեծ պատիւ, նաեւ ի~նչ նուիրական պարտաւորութիւն…:

Դո՛ւն, սիրելի հայորդի, ո՛չ միայն քու պապերուդ արիւնով թրծուած Բեթղեհէմեան հաւատքին ժառանգորդն ես, անոր պահակն ու պահապանն ես, այլ կոչուած ես պապերուդ լոյս հաւատքը քու կեանքիդ մէջ ապրելու, քու կեանքդ անով շաղախելու ու իմաստաւորելու:

Կեանքի ուրախ թէ տխուր պահերուն միշտ լսէ՛ երկնային պատգամը հրեշտակին՝ “ձեզի Փրկի՛չ ծնաւ…”: Ու Բեթղեհէմի հաւատքով վերանորոգուած ու հզօրացած՝

Մերժէ՛ ներկայ աշխարհին բոլոր տեսակի ,փրկիչեները, որոնք կը փորձեն մոլորեցնել քեզ:

Մի՛ վախնար աշխարհի երեւելի ու աներեւոյթ չարիքներէն, որոնք կը փորձեն ապականել քու կեանքդ:

Եւ քա՛ջօրէն դաւանիր, քու հայրերուդ օրինակով, կեանքո՛վ ու գործո՛վ, Բեթղեհէմի Փրկիչը, որպէս միակ առաջնորդը ու պահապանը քու կեանքիդ:                                                              

*

*       *

 Աստուածայայտնութեան հոգեպարար տօնին առիթով Հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստնի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով իրեն արդիւնաշատ հայրենանուէր գործունէութիւն:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:

Եղբայրական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը և Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութա‎fեանը, մաղթելով իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեամբ լեցուն գահակալութիւն:

Հայրական անհուն սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ենթակայ մեր Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւորական դասը ազգային իշխանութեանց մարմինները և մեր սիրելի ժողովուրդին զաւակները, աղօթելով որ Բեթղեհէմի Փրկիչը առաջնորդ ու պահապան ըլլայ իրենց:

 

                                                                                                               

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

6 Յունուար, 2014

Անթիլիաս, Լիբանան