՛՛ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ուրբաթ 7 Փետրուար 2014-ի առաւօտ, Վեհարանի իր գրասնեակին մէջ ընդունելով Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանուհի Րութ Ֆլինթը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ ՛՛ հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումը՝ թուրք Տողու Բերենչէքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան…