Յունուար 29–30 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին Կոմիտաս Արք. Oհանեան (համա–ատենապետ), Արշակ Եպս. Խաչատրեան (համա–ատենապետ), Վարուժան Արք. Հերեկելեան, Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գեղամ Արք. Խաչերեան, Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Վահան Եպս. Յովհաննէսեան եւ Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան:
Հանդիպման ընթացքին յանձնախումբը հիմք ընդունելով 2013–ին Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական ժողովի որոշումները, քննարկեց եւ վերջնականացուց Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութեան բնագիրը եւ կանոնական ուղեգիծք: Մասնաւոր քննութեան առարկայ դարձաւ նաեւ ծիսական լեզուի խնդիրը: Ս. Մկրտութեան նախապատրաստութեան ուսուցման ձեռնարկի առնչութեամբ յանձնախումբը որոշեց շարունակել անոր ամբողջական մշակման աշխատանքները՝ վերջնական ժամկէտ որոշելով Մայիս ամիսը:
Ծիսական յանձնախումբի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 19–23 Մայիսին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ: