“Անհրաժեշտ է Լիբանան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու կարիքներուն յատուկ ուշադրութիւն ընծայել՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբեր 2013 առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Հիմնարկութեան տնօրէն՝ Տիար Սերոբ Օհանեանը: Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը: Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ եւ Գարակէօզեան Հիմարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով…