31 January, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Հինգշաբթի 30 Յունուար 2014-ին Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը՝

— Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան Ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Պերճ Հաճեանի։ Ան զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անհրաժեշտ ծառատնկումը կատարելու ազգային հաստատութիւններու շուրջ։

— Մարոնիթ Միջազգային Հիմնարկի Ընդհանուր քարտուղարուհի Տիկին Հիամ Պուսթանիի եւ նոյն հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկին Ռոզ Շուէյրիի։ Այցելութեան նպատակն էր խնդրել Վեհափառ Հայրապետէն որ արտասահման գտնուող լիբանանահայեր անհրաժեշտ արձանագրութիւնները կատարեն լիբանանեան դեսպանատուներուն մօտ, որպէսզի Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու թիւը նուազում չկրէ։ Յիշեալ հիմնարկը շուրջ երեք տարիներէ ի վեր լծուած է այս աշխատանքին։

– Վեհափառ Հայրապետին այցելեց նաեւ Վատիկանի Pontifical Mission-ի Ընդհանուր տնօրէն Միշէլ Քոնսթանթինը։ Ան Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան կատարած աշխատանքի մասին՝ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ։