Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Կիլիկիոյ Թանգարանի սրահէն ներս, Շաբաթ 18 Յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քրիստոնեայ Երիտասարդական Միութիւններու հաւաք մը, նախաձեռնութեամբ Քրիստոնեայ Ուսանողներու համաշխարհային Միութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քրիստոնեայ Երիտասարդական Յանձնախումբին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ գործող (ՀԵՀՈՄ) Հայ եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին, ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ օրուան պատգամը փոխանցեց Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեանը, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի Երիտասարդական յանձնախումբի ատենապետ՝ Տանի Ըպէյտ, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի , իր ձեռնարկած այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար:
Օրուան խորհուրդին համաձայն, հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ կրօնական յայտագիր մը, որուն ընթացքին արտասանուեցան ու երգուեցան եկեղեցիներու միութեան նուիրուած աղօթքներ ու շարականներ: