Կՙուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբեր 2013-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Չորեքշաբթի Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Նոր Տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի, եւ այս առիթով իր հայրական պատգամը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին:
Նոր Տարուան առիթով Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբերին Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ մեր Ժողովուրդին Կաթողիկոսարանին կայքէջի ճամբով:
Դարձեալ Նոր տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ OTV հեռատեսիլի հայկական բաժինին հետ, Չորեքշաբթի 1 Յունուարին ժամը 4:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր Տարին դիմաւորելու Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանական աղօթքով, եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ