21 December, 2013

Շնորհալի Երգչախումբին կատարողութեամբ Ծննդեան համերգ

Պսալիմի-Մըզհէր քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 20 Դեկտեմբեր 2013 երեկոյեան, Յոյն Ուղղափառներու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Ծնունդին նուիրուած համերգ մը տեղի ունեցաւ, «Միութեան ու Խաղաղութեան Ծնունդը» անունով։

 

Սոյն համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան եկեղեցիներու երգչախումբերը, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի։ Երգչախումբը Հայ Եկեղեցւոյ շարականներէն Ծննդեան նուիրուած փունջ մը շարականներ հրամցուցին ներկաներուն։

More News