Անգլիոյ Արքայական նուագախումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեան Անթիլիասի մէջ

Երէկ առաւօտ, Երկուշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Անգլիոյ Արքայական Նուագախումբի ղեկավար՝ Վարդան Մելքոնեանը։

Վարդան Մելքոնեան եղած է Թռչնոց Բոյնի մէջ, որպէս որբ 5 տարիներ, 1950-ական թուականներուն։ Վերջին տասը տարիներուն, ան դարձած է Անգլիոյ աւելի քան 300 հոգի հաշուող նուագախումբին եւ երգչախումբին ղեկավարը։ Որբանոցը ձգելէ յետոյ, ան մինչեւ այսօր մնայուն կապ կը հաստատէ Որբանոցին հետ եւ նիւթապէս օգտակար կ՛ըլայ։

Անցեալ տարի Վարդան Մելքոնեան նշանակուեցաւ նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդասիրական Դեսպան, փողոցը մնացած անտէր մանուկներու ծրագրին համար։ Նոյն այս պաշտօնին նշանակուած է նաեւ Անգլիայէն, նախկին Վարչապետ՝ Ճոն Մէյճըր։ Իր այս երկու հանգամանքներով Վարդան Մելքոնեան յաճախակիօրէն կը ճամբորդէ եւ ամէն առիթի կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Թռչնոց Բոյնի կատարած դերակատարութեան։

Այս այցելութեան առիթով Վարդան Մելքոնեան Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց հարիւրէ աւելի արխիւային նկարներ Թռչնոց Բոյնի կեանքին հետ աղերս ունեցող։ Սոյն նկարները Վարդան Մելքոնեանին փոխանցուած են Թռչնոց Բոյնի հիմնադիր Դանիոյ «Քէյ Էմ Էյ» միսիոնարական կազմակերպութեան կողմէ։