Մայիս 28-ն նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անուանակոչութեան օրն է: Վեհափառ Հայրապետը ձեռնադրուած է 1968-ին, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան յիսնամեակին եւ այդ առիթով ստացած է Արամ անունը:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, միաբան հայրեր շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հայրական օրհնութիւնը ստացան: Միաբանութեան զգացումներուն, մաղթանքներուն ու մտածումներուն թարգմանը հանդիսացաւ երիտասարդ միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան: Իր ուղերձին մէջ հայր սուրբը ըսաւ, որ հայրապետը սարդարապատեան շունչով անցնող 25 տարիներուն նոր ոգի ու տեսլական տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան:
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնելէ ետք միաբան հայրերու նուիրեալ ծառայութեան՝ Մայրավանքէն եւ թեմերէն ներս, կարգ մը գործնական յիշեցումներ կատարեց յատկապէս ներկայ պայմաններուն առնչուած հարցերուն շուրջ՝ շեշտելով, թէ մեր եկեղեցին կոչուած է աւելի ազդու կերպով իր ծառայութիւնը կատարելու իր ժողովուրդի զաւակներուն, մանաւանդ այս օրերուն, երբ բազմաթիւ ու բազմազան են մեր ժողովուրդի կարիքները եւ սպասումները մեր եկեղեցիէն։