ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԱՆՏԵՍՈՂ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒՆ
Կարելի չէ՛ այլեւս լուռ մնալ, երբ համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, գործատէրեր ո՛չ միայն իրենց պաշտօնեաներուն եկամուտին նուազագոյն բաժինը կը զլանան տալ, այլ նաեւ սկսած են դադրեցնել անոնց ընկերային ապահովագրութիւնը, գործէ արձակել եւ նո՛յնիսկ չվճարել անոնց կենսաթոշակը: Համաճարակի ու տնտեսական տագնապի առաջին շրջանին լուռ մնացինք այն սպասումով, որ ոմանք, մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, մարդասիրական ոգիէ…