ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ Առաջաւորաց Պահքի հաւաքական խոստովանանք եւ ջրօրհնէք, որմէ ետք մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։

******

Առաջաւորաց պահքը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրը՝ տարածուելով հինգ օրերու վրայ, սակայն կեանքի այսօրուան պայմանները նկատի ունենալով հինգ օրերը փոխարինուած են երեք օրերով։

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Վիրապէն ելլելէն ետք, Տիրոջ հրաշքով դարձի կու գայ Տրդատ թագաւոր եւ այսպիսով Հայաստան աշխարհը կը դառնայ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունող առաջին ազգը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոսի խօսքը քարոզեց 65 օր շարունակ, որմէ ետք սահմանեց պահեցողութեան ու զղջումի հինգ օրեր, որպէսզի ժողովուրդը նուիրուի քրիստոնէական կեանքին ու մոռնայ իր հեթանոսական սովորութիւնները: Այսպէս, հաստատուեցաւ «Առաջաւորաց պահք»ը, որ Հայ Եկեղեցւոյ առաջին պահքն է։ Այս պատճառով այն կը կոչուի  «Առաջաւորաց պահք»: