Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՏԻԱՐ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻԲՐԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր վսեմաշուք նախագահ տիար Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը։
 
 
Իր նամակին մէջ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի հանրապետութեան ամրացումը, հայոց բանակի հզօրացումը եւ տնտեսութեան զարգացումը մեր Սուրբ Աթոռին համար միշտ եղած են առաջնահերթ յանձնառութիւն։ Անցնող տարիներու ընթացքին, մեր յանձնառութիւնը գործի վերածող ծրագիրներ մշակած ենք, թէ՛ Կաթողիկոսարանը ուղղակիօրէն, եւ թէ իր թեմերուն ճամբով։ Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք գործնապէս մասնակից դառնալ Արցախի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն»։