Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ընկերակցութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:
Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ եւ ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճ: Աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական՝ Հայկազեան համալսարանէն:
Ան 2017 թուականէն ի վեր կը վարէ «Զուարթնոց» յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը, իսկ 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը։ Իբրեւ ընկերային ծառայող ան աշխատակցած է նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին՝ 2007-էն 2008, եւ «Թռչնոց բոյն»ին՝ 2005-էն 2008 թուական։