ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան մեկնեցան Երուսաղէմ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուածայայտնութեան տօնին առնչուած արարողութիւններուն: Յայտնենք, որ հակառակ շրջանէն ներս ստեղծուած քաղաքական ու ապահովական դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…