Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Քոխը:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալին միջեւ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը:
Ապա, Կարտինալ Քոխ ընթրիքի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին: