Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2020 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»: Առ այդ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութեան հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Նոյն հռչակագիրը նաեւ պիտի ընթերցուի թեմերու եկեղեցիներէն ներս։

 

Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Պատարագին՝ լսելու համար Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եւ անկէ եկող մտածումներուն ու թելադրութիւններուն հետեւելով՝ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերելու խնամքի կարօտ հայորդիներուն։