24 February, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը:

 

Յայտնենք, որ Զուարթնոց Կեդրոնը յատուկ կարիք ունեցող փոքրերու ու պատանիներու կեդրոն է, հաստատուած Պուրճ Համուտի մէջ: Կեդրոնը մասնագիտական մօտեցումով հսկայ աշխատանք կը կատարէ յատուկ կարիք ունեցող մեր զաւակներուն: Ինը հոգիներէ բաղկացած վարչութեան ատենապետն է օրդ. Անի Պուճիքանեան, իսկ կեդրոնին տնօրէնուհին է տիկին Վարդի Օհանեան-Գէորգեան, որ միաժամական երիտասարդութեան եւ մարմնամարզանքի նախարարուհի է Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ:

 

Յայտնենք նաեւ, որ Նորին Սրբութիւնը ներկայ տարին Հայրապետական Գիրով «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու» տարի հռչակած էր եւ նոր տարուան առաջին օրերուն այցելած էր Զուարթնոց Կեդրոն՝ իր օրհնութիւն տալով ու զօրակցութիւնը յայտնելով հոն տարուող մարդասիրական ծառայութեան համար: Հայրապետը անգամ մը եւս իր Հայրական գնահատանքը յայտնեց վարչութեան՝ ընդգծելով, որ Զուարթնոց Կեդրոնին կողմէ կատարուող ծառայութիւնը աստուածահաճոյ առաքելութիւն է, եւ անգամ մը եւս յայտնեց իր զօրակցութիւնը կեդրոնին աշխատանքներուն:

More News