Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐ

Այս օրերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային միջ-եկեղեցական ժողով՝ նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Արդարեւ, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան ժողովականներ, միաբանութիւն եւ Լիբանանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

 

Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած նպաստը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին կարեւորութեան, որուն նպատակն է նոր տեսլական մը զարգացնել միջ-եկեղեցական շարժումին:

 

Այս առիթով, Հայրապետը յիշեց չորս անձեր, որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած են միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ. անոնք են՝ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, որ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած է 2000 թուականին եւ Դոկտ. Քոնրատ Ռայզըր, որ դարձեալ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրած է 2003 թուականին:

 

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը այսօր պարգեւատրեց երկու անձեր՝ Դոկտ. Սորիթուա Նապապան եպիսկոպոսը եւ Դոկտ. Սամուէլ Քոպիան: Վերոնշեալ անձերը աւելի քան 50 տարիներու ծառայական վաստակ ունին միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ: Դոկտ. Քոպիան այժմ նախարար է Քենիոյ մէջ, իսկ Նապապանը՝ միջ-եկեղեցական կարեւոր պաշտօն կը վարէ Ինտոնեզիոյ մէջ։