Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպա Տորոթի Շին՝ ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս՝ համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու…