Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը: Յայտնենք, որ Զուարթնոց Կեդրոնը յատուկ կարիք ունեցող փոքրերու ու պատանիներու կեդրոն է, հաստատուած Պուրճ Համուտի մէջ: Կեդրոնը մասնագիտական մօտեցումով հսկայ աշխատանք կը կատարէ յատուկ կարիք ունեցող մեր զաւակներուն: Ինը հոգիներէ բաղկացած վարչութեան ատենապետն է օրդ. Անի Պուճիքանեան, իսկ կեդրոնին տնօրէնուհին է…