«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆՔ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին հանդիպումը։ Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջ-եկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ…