14 Հուլիսի, 2020

ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԱՆՏԵՍՈՂ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒՆ

Կարելի չէ՛ այլեւս լուռ մնալ, երբ համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապին պատճառով, գործատէրեր ո՛չ միայն իրենց պաշտօնեաներուն եկամուտին նուազագոյն բաժինը կը զլանան տալ, այլ նաեւ սկսած են դադրեցնել անոնց ընկերային ապահովագրութիւնը, գործէ արձակել եւ նո՛յնիսկ չվճարել անոնց կենսաթոշակը:

 

Համաճարակի ու տնտեսական տագնապի առաջին շրջանին լուռ մնացինք այն սպասումով, որ ոմանք, մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, մարդասիրական ոգիէ ու ազգային արժէքներէ, այս դժուար օրերուն տէր կը կանգնին իրենց պաշտօնեաներուն:

 

Ոմանք ըրին՝ պատի՛ւ իրենց. սակայն ուրիշներ՝ ոչ, ամօ՛թ իրենց:

 

Ամօ՛թ, իրենց աջակից ու զօրակից դարձած պաշտօնեաները այս դժուար օրերուն անտեսող ու արհամարհող գործատէրերուն. հացի կարօտ ընտանիքներուն տառապալից վիճակը իրենց պալատներէն անտարբերութեամբ դիտող գործատէրերուն: Անոնք կ՚անդրադառնա՞ն արդեօք, որ վերէն Աստուած կը դիտէ զիրենք…:

Բնական օրերուն, գործատէրեր իրենց շահէն կու տային իրենց պաշտօնեաներուն: Անբնական օրերուն, անոնք պարտաւո՛ր են իրենց շահածէն գէթ փոքր բաժին մը տալու իրենց պաշտօնեաներուն: Սա մարդկային, բարոյական ու նաե՛ւ իրաւական պարտաւորութիւն է:

Քրիստոսի յաւիտենական պատգամը ժողովուրդին փոխանցելու կոչումը ունեցող եկեղեցին չի՛ կրնար լուռ ու անտարբեր մնալ նման յոռի երեւոյթներու դիմաց:

 

Հայրաբար զգաստութեան կոչ կ՚ուղղենք գործատէրերուն, արժանապատուութեամբ վարուելու իրենց պաշտօնեաներուն հետ:

 

Պատի՜ւ ու յարգա՜նք մեր մարմիններուն, անհատներուն, ընտանիքներուն, հեռաւոր թէ մօտաւոր, յայտնի թէ անյայտ, որոնք մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն օգնութիւնը վերածեցին ամէնօրեայ տագնապի ու յանձնառութեան եւ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ըրին ու տուին ի՛նչ որ կարելի է: Շարունակեցէք նո՛յն սիրով ու նուիրումով. Աստուած ձեզի՛ հետ է. մեր ազգն ու եկեղեցին ձեր կողքին են:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

More News