Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական
մրցանքին բացումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցանքի վարիչ Վարուժան Թէնպէլեան, որ լուսարձակի տակ առնելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով 2009-ին հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքին վերջին տասը տարիներու նուաճումները՝ յայտնեց, թէ այս տարի մրցանքը ենթարկուած է ձեւի փոփոխութեան՝ միջ-դպրոցական հանդիպումներու տարազաւորումով եւ բերանացի հարցում-պատասխանի դրութեամբ: Մրցանքը կ՚ընդգրկէ հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, կրօնագիտական նիւթերու եւ հայ մշակոյթի վերաբերող հարցումներ, ինչպէս նաեւ ասմունքի եւ երգի բաժին մը: Մրցումները տեղի կ՚ունենան խմբակներու դրութեամբ, դատական յատուկ կազմի մը հսկողութեամբ: Մրցումները կը տարածուին եօթը հանգրուաններու վրայ:
Առաջին հանգրուանին յաղթանակ ապահովողը եղաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարանը, իսկ երկրորդին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքը:
Յիշեցնենք, որ բոլոր մրցումները տեղի կ՚ունենան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի սրահին մէջ:
Զտումի մնացեալ հանգրուանները նախատեսուած են 14 Մարտին, կիսաւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 Մարտին եւ 4 Ապրիլին, իսկ աւարտական մրցումը՝ 25 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան։
Մրցումներուն ներկայ կրնան գտնուիլ բոլոր փափաքողները՝ աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ: