Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ «ՖԸԹԸՐ» ՏՕՆԸ

Իսլամական աշխարհի «Ֆըթըր» տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր իսլամ եղբայրներն ու քոյրերը, Լիբանանէն սկսեալ աշխարհի տարածքին։ 7-րդ դարէն սկսեալ հայ ժողովուրդը փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ գոյակցած է ու կը շարունակէ գոյակցիլ իսլամութեան հետ՝ Միջին Արեւելքէն սկսեալ։ «Քորոնավիրուս»ի ստեղծած ներկայ տագնապը բոլոր կրօնները պէտք է մղէ միասնական ոգիով յոյս ու հաւատք ներշնչելու տառապող մարդկութեան եւ փոխադարձ վստահութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը աւելի խորացնելու»։