Ուրբաթ, 27 Մարտ 2020-ին, Արցախի նախագահ տիար Բակօ Սահակեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ մօտէն իմանալու ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Այս առիթով անոնք նաեւ խորհրդակցեցան Արցախի առնչուած հարցերու շուրջ:
Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մեր ժողովուրդը չէ ազդուած «քորոնավիրուս»ի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ ողջունեց Արցախի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները կատարելու նախագահին յանձնառութիւնը՝ մաղթելով, որ ընտրութիւնները տեղի ունենան ժողովրդավարական հանդարտ ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: