Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան տօնը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի։
Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հայորդիներ, Կաթողիկոսարանին «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի ճամբով, միացան Անթիլիասի Մայրավանք եւ առցանց կերպով մասնակից դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած «Գոհաբանական Մաղթանք»ին, որ տեղի ունեցաւ Մայր Տաճարին կողքին կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին առջեւ։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ «Նշանաւ ամենայաղթ» շարականի երգեցողութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան աղօթքներ եւ մաղթանքներ, ընթերցուեցան Աւետարանէն եւ առաքելական թուղթերէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Պատգամին մէջ ան ընդգծեց հաւաքական յիշողութիւններու նշումին եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելուն հրամայականը։ Ան ըսաւ, որ հրաշքի համազօր երեւոյթ էր Հայաստանի անկախութեան հռչակումը՝ թէկուզ պատմական Հայաստանի կտոր մը հողի վրայ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ հալածանքի ու ստրկութեան ճիրաններուն մէջ կը տուայտէր, եւ նշեց, որ հրաշքը կ՚իրականանայ հոն, ուր ամուր հաւատք, կամք, ներքին միասնականութիւն եւ հայրենիքին համար նոյնիսկ արիւն թափելու սրբազան նախանձախնդրութիւն կայ։ Հայրապետը յայտնեց, որ միշտ ալ դառն եղած են աշխարհաքաղաքական պայմանները հայ ժողովուրդին համար, եւ թէեւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կեանքը երկար չտեւեց, սակայն անկախութեան ոգին ու տեսլականը տակաւին անմեռ է՝ մարմնաւորուած եռագոյն դրօշով։ «Սիմոն Վրացեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, հերոսներ, բարձրագոյն աստիճանի հայրենասէրներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ Անթիլիասի Մայրավանքի սրբազան հողին վրայ մեզի հետ աղօթեցին, տագնապեցան, երազեցին ու պայքարեցան՝ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման, ամբողջական Հայաստանին ու ամբողջական հայութեան»։
Հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Մայիս 28-ի պատգամը։ Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայու համար առաջնահերթութիւն է ներկայ ազատ անկախ Հայաստանի հզօրացումը, անկախութեան ամրացումը, տնտեսութեան ծաղկումը եւ միջազգային յարաբերութիւններուն ծաւալումը։ Անդրադառնալով Արցախին, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց, որ Արցախի անկախութեան ամուր պահպանումը, հերոս բանակին առաւել կազմակերպումը, Արցախի հայութեան իր սրբազան հողին ամուր կապուածութիւնը, իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար պէտք է դառնայ ամենօրեայ տագնապ։ «Չմոռնանք, որ Արցախի հզօրացումն ու անվտանգութեան ամրացումը Հայաստանի՛ հզօրացումն է։ Հայաստանին ու Արցախին հզօրացումը մեր ազգային պահանջատիրութեան ամուր հիմքն է», շեշտեց Հայրապետը։ Երրորդ եւ վերջին կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ 1918-ի Հայաստանի ընկերատնտեսական պայմաններուն մասին՝ տնտեսական տագնապ, համաճարակ, արտաքին ճնշում եւ թշնամիներով շրջապատում, եւ յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանին եւս Հայաստան նոյնանման վիճակի մէջ կը գտնուի. «Զգո՜յշ, Հայաստանի պահպանումը մեր ժողովուրդին համար գերագոյն սրբութիւն պէտք է դառնայ։ Այսօր եւս, մեր պայմանները դառն են՝ ներքին թէ արտաքին. հետեւաբար, հայրենի մեր ժողովուրդը պէտք է հեռու մնայ բեւեռացումներ յառաջացնող, ներքին լարուածութիւն սրող, մեր ժողովուրդի ներքին ոյժը ջլատող ամէն տեսակ մօտեցումներէ» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց յորդորելով համախմբել հայութեան ներուժը եւ յարգել Մայիս 28-ի կտակը։