14 Փետրվարի, 2020

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ առաջնորդութեամբ Ուտօ Պենտզ եպիսկոպոսին։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիկին Սեդա Խտըշեան։

 

Այցելութեան նպատակն էր ծրագրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու այցելութիւնը Գերմանիա, որպէսզի եկեղեցիները ու ընդհանրապէս ժողովուրդը մօտէն տեղեակ դառնայ շրջանի քրիստոնէութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ապագայի հեռանկարներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եպիսկոպոսական Խորհուրդի ցուցաբերած մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նկատմամբ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Եպիսկոպոսական Խորհուրդի բարձրաստիճան կարտինալներէ ու եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Միջին Արեւելք աւելի խոր նշանակութիւն պիտի ունենայ ու յստակ պատգամ մը պիտի փոխանցէ ներքին թէ՛ արտաքին իմաստով, քան՝ հոգեւոր պետերուն այցելութիւնը Գերմանիա։ Վեհափառ Հայրապետը իր այս մօտեցումը աւելի հիմնաւորեց լայն բացատրութիւններ տալով։ Ներկաները համոզիչ գտան Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը։

 

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, Հայրապետին Վատիկան կատարած յաճախակի այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան։

 

More News